2012-07-31 11:38:03

<<Աշխարհը Մեր Տունն է>> Նիւթով Յիսուսեան Միաբանութեան Միջազգային Բ Ասուլիս։


31 յուլիսին Պոսթոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ դաստիարակութեան նուիրուած <<աշխարհը մեր տունն է>> նիւթով Յիսուսեան միաբանութեան միջազգային Բ ասուլիսը որուն կը մասնակցի նաեւ Ռատիովատիկանի տնօրէն` յիսուեան միաբան, Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։ Յիսուսեան Միբանութեան պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է որ աշխարհի զանազան վայրերէն երկրորդական դասարաններու պատասխանատուները կը հաւաքուին միասնաբար սերտելու միաբանութեան առաքելութիւնը ու անոր իքնութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագայի մարտահրաւէրները դաստիարակչական ասպարեզէն ներս։

Իր ունեցած ելոյթով Հայր Լոմպարտին ընդգծեց Յիսուսեան միաբանութեան կոչման գլխաւոր կէտերը հուսկ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան, Սրբազան Քահանայպետի վարդապետութեան ընդմէջէն։
Հայր Լոմպարտին ակնարկեց Նոր Աւետարանութեան նիւթին ու այս առնչութեամբ յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուած եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին։ Ան հաստատեց թէ <<Հաւատքի ծառայելը եւ նոր աւետարանութեան գծով յանձնառու ըլլալը, Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութեան առաջնակարգ մտահոգութիւններէն մին է>>։
Ռատիովատիկանի տնօրէնը ապա ակնարկեց <<դաստիարակչական իրավիճակին ու Սրբազան Քահանայապետի այս ուղղութեամբ ցուցաբերած մտահոգութեան ի տես դաստիարկութեան պակասին>>։ Ան մէջբերեց Յիսուսեան միաբանութեան երկու կարեւոր անձնաւորութիւններու վարդապետութեան տեսութիւնը։ Ու ապա խօսեցաւ հաղորդակցութեան Թուային նոր աշխարհի մասին ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով իր եղբայրակիցները միասնաբար եւ համագործակցաբար աշխատելու` ի սպաս եկեղեցւոյ առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.